Արամ Ա. վեհափառը Վատիկանի մէջ իր միօրեայ կեցութեան ընթացքին, Ֆրանչիսկոս պապին եւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն հետ տեղի ունեցած ժողովին առընթեր, ունեցաւ շարք մը այլ հանդիպումներ.
1.- Երկար հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահ կարտինալ Քոխին հետ` էքիւմենիք շարժումին պարզած ներկայ կացութեան եւ անոր նոր թափ տալու կարելիութիւններուն մասին: Միջեկեղեցական շարժումի ապագային առնչուած` վեհափառ հայրապետին պարզած մտահոգութիւններուն ու կատարած առաջարկներուն շուրջ որոշուեցաւ խորհրդակցութիւնները շարունակել:
2.- Վատիկանի մէջ Լիբանանի ու Հայաստանի դեսպաններուն` դոկտ. Ֆարիտ Խազենի եւ Կարէն Նազարեանի հետ միատեղ հանդիպում ունեցաւ եւ անոնց պարզեց հոգեւոր պետերու ժողովին առնչուած կարեւոր մանրամասնութիւններ: Լիբանանի դեսպանը առաջարկեց, որ Լիբանանը դէպի վերականգնում առաջնորդող ժողովին պատկերացումները եւ այս ծիրէն ներս վեհափառ հայրապետին կատարած առաջարկներուն քննարկումը շարունակուին Ռայի պատրիարքին եւ կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ, Վատիկանի հետ խորհրդակցութեամբ եւ իսլամ համայնքապետներու գործակցութեամբ:
3.- Կարճ այցելութիւն մը տուաւ Հայաստանի դեսպանատուն եւ իր գնահատանքը յայտնեց Հայաստանի ու Վատիկանի դիւանագիտական յարաբերութիւնները աւելի ամրացնելու ձգտող դեսպանին կատարած աշխատանքներուն: Այս ծիրէն ներս հայրապետը ջերմօրէն ողջունեց շուտով Երեւանի մէջ պապական նուիրակ ունենալու Վատիկանի որոշումը, զոր վեհափառ հայրապետին յայտնեցին թէ՛ Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար Քալակար եպիսկոպոսը եւ թէ՛ դեսպանը:
4.- Հարցազրոյց ունեցաւ Վատիկանի պաշտօնական լրատուամիջոցին հետ` հայերէն ու անգլերէն լեզուներով, որուն ընթացքին վեհափառը ընդհանուր գծերով պարզեց ժողովին քննարկուած նիւթերը: